2016-12-24 11:15:00

Գնահատանքի երեկոյ` ծառայութեան տարուան առիթով


Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գնահատանքի երեկոյի ընթացքին գնահատագիրներ ստացան 30 նուիրեալներ, որոնք 25 տարիէ ի վեր անսակարկ ծառայած են հայ եկեղեցւոյ:

Ձեռնարկը սկսաւ Կոմիտասի «Հայր մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ` «Աւետաբեր» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ գնահատանքի այս երեկոն ուրախութեան եւ հպարտութեան օր մըն է, որ կազմակերպուած է գնահատելու հայ եկեղեցւոյ ծառայողները, որովհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետը 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան տարի»` Աւետարանի ուսմունքով, առաքեալներու ճամբով, Լուսաւորիչի լոյսով եւ սուրբ հայրապետներու օրինակներով: Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան նշեց, որ Յիսուս Քրիստոս ծառայութեան մեծագոյն օրինակը եղած է իր  կեանքով, հրաշագործութիւններով, ուսուցումներով եւ խոնարհութեամբ: Ան հաստատեց նաեւ, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ալ եղած են հայրապետներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են ծառայութեան: Տէր հայրը իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ գնահատանքի եւ պարգեւատրման պիտի արժանանան 25 տարիէ ի վեր Քրիստոսի սիրով եւ յարաճուն հաւատքով եկեղեցւոյ ծառայողները, ապա մաղթեց, որ պարգեւատրեալները նախանձելի օրինակ ըլլան յաջորդ սերունդներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.